Սինեմայի հարուստ աշխարհը

Ֆիլմ դիտելը հաճելի ժամանց մըն է։ Իսկ աղուոր ֆիլմ մը դիտելը եւ զայն արժեւորելը, ժամանցին զուգահեռ, աւելի խորունկ փորձարութիւն մը կու տայ։Աղուոր ֆիլմ մը կարողութիւնը ունի պատմութիւններու ընդմէջէն մեզ տեղափոխել վայրեր, ուր ժամանակներու եւ մշակոյթներու սահմանները գրեթէ գոյութիւն չունին։ Ֆիլմը կը յաջողի արտայայտել միտքեր եւ յուզումներ՝ պատմութիւն մը պատմելու հետաքրքրական հնարքներ առաջարկելով, անոնց յարմար պատկերներ […]

Ո՞վ եմ ես

Այս երգը պատրաստուած է աղուոր բաներու աշխատանոցի ընթացքին, Երեւանի մէջ,26 Սեպտեմբեր 2020 թուականին։ Մասնակիցները քով քովի եկան, գրեցին, ձայնագրեցին եւ արտադրեցին այս երգը։ Աշխատանոցը վարեցին՝Սեւանա ՉագրեանԽորեն Միքայելյան Մասնակիցներ՝Ինգա ՄադոյանԼուսածին ՂազէլեանՄարիամ ԱւագեանՅարութիւն ԻզմիրլեանՇողեր ՊողարեանՌաֆֆի ՏէրտէրեանՎահէ ՔարամեանՐաֆֆի Հերմոն Արաքս Շնորհակալութիւն Նեքսուս կեդրոնին մեզ հիւրընկալելու համար։

Աղուոր ճաշեր

«Աղուոր ճաշեր» աշխատանոցին մէջ Նարօտ Աւճըն կը զրուցէ աղուոր ճաշեր պատրաստողներու հետ, կը հաւաքէ անոնց պատմութիւնները եւ իւրաքանչիւրին հետ կը պատրաստէ բան մը, բաժնելու համար բոլորիս հետ։ Անուշ ըլլայ։

Ախպարներու պատմութիւններ

«Ախպարներու պատմութիւններ»ը կը կեդրոնանայ ախպարներու՝ 1940-ականներուն Հայաստան փոխադրուած արեւմտահայերու պատմութիւններուն վրայ։ Որպէս «Մեծ ներգաղթ» ճանչցուած այս հսկայական մարդկային տեղաշարժը իր խորունկ ազդեցութիւնը ունեցած է թէ՛ անոր ենթականերուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքին վրայ։ Կը փորձենք հասկնալ այս փորձառութիւնը։

Վերամուտը

Գէորգ Լազարեան Ճամբան երկկողմանի է, լեցուն շէնքերով: Բնակարաններ, վեց, շատ-շատ եօթ յարկանի. ատկէ բարձր Աթէնքի մէջ կարծեմ արգիլուած է: Քանի մը վայրկեան քալելէ վերջ պիտի հասնիմ ճամբու ծայրը գրեթէ. հոն, քառուղիին անկիւնը, չինական ճաշարան մը պիտի նստիմ, պարապ միշտ. տարուան մէջ հազիւ երեք-չորս անգամ մարդ տեսած ըլլամ մէջը, ատ ալ ինչ-որ չինացի զբօսաշրջիկներու խումբեր, ոչ […]

Համով հոտով բաներ

Երան Զէյթունցեանի վարած Համով հոտով բաներ աշխատանոցի ընթացքին երեխաները քով քովի եկած են եւ խաղալով, քիչ մըն ալ ուղեկիցներուն օգնութեամբ, պատրաստած են այս տեսերիզը։

Անուն քաղաք ճաշ

Այս աշխատանոցը ներշնչուած է հանրայայտ «անուն քաղաք» խաղէն, ուր մասնակիցները պէտք է անուն մը, քաղաք մը, ճաշ մը եւ այլ բառեր գտնեն։ Աշխատանոցի ընթացքին Նորայր Օլկար կը խօսի Պոլսեցիներու հետ։ Կը հարցնէ զրուցակիցներուն իրենց անունին, ապրած թաղամասին եւ սիրած ճաշերուն մասին։

100 պատկեր

«100 պատկեր»ը կարճ թատերախաղիկներու շարք մըն է, որ կ’ընդգրկէ առօրեայ կեանքի զանազան կացութիւններու մէջ գործածուող արեւմտահայերէն տրամադրելի հիմնական բառեր ու արտայայտութիւններ։