Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Վերամուտը

Գէորգ Լազարեան
Ճամբան երկկողմանի է, լեցուն շէնքերով: Բնակարաններ, վեց, շատ-շատ եօթ յարկանի. ատկէ բարձր Աթէնքի մէջ կարծեմ արգիլուած է: Քանի մը վայրկեան քալելէ վերջ պիտի հասնիմ ճամբու ծայրը գրեթէ. հոն, քառուղիին անկիւնը, չինական ճաշարան մը պիտի նստիմ, պարապ միշտ. տարուան մէջ հազիւ երեք-չորս անգամ մարդ տեսած ըլլամ մէջը, ատ ալ ինչ-որ չինացի զբօսաշրջիկներու խումբեր, ոչ տեղացի:

Միշտ դուրսէն անցնելով կը մտածէի, արդեօք ինչպէ՞ս կ՚ապրէր այս ճաշարանը. երեք-չորս անգամ աշխատելով տարուան ծախսերուն կրնա՞ս տիրապետել: Ուրիշ կասկածելի գործեր կը պատահէին հոս, որոնց մէջ ես չեմ խառնուիր. ուզածնին թող ընեն: Մայթին միւս կողմը պէտք է անցնիմ այլեւս: Կամաց կամաց կ՚անդրադառնայի որ փողոցին շարժուդարձը կ՚աշխուժանար: Մարդիկ կ՚ելլէին տուներէն պատրաստ գործի երթալու, ուրիշներ նոր կ՚արթննային, կային որ հիմա կը մտնային իրենց ինքնաշարժերուն մէջ եւ անոնք որ արդէն ճամբայ ելած էին: Մարդիկ որ իմ արթնցած ժամուս արդեն գործի հասած, սկսած էին եւ ուրիշներ որ ամբողջ գիշերը կ՚աշխատէին երբ ես եօթներորդ երազիս մէջ կը գտնուէի: Բայց կեանքը այսպէս անարդար է, չէ՞: Մէկը կը պառկի միւսը կ՚աշխատի. մէկը երազներուն մէջը կը պտտի միւսը կեանքի ճշմարտութենէն կը տառապի: Ով եմ ես, դեռ չեմ գիտեր: Ժամանակներ կան որ ինքզինքս հանգիստ ու լաւատես կը գտնամ. երբ մտածեմ որ ես ալ պզտիկ անձնական վայր մը ունիմ այս մոլորակին վրայ․ յոյսով թէ գոյութեանս պատճառը պիտի յայտնուի վաղ թէ ուշ եւ ատկէ վերջ պիտի կարենամ երջանկութեան աշխարհը գրաւել: Բայց նաեւ կան ժամանակներ որ անձկութիւնը ու վախը միտքս կը չարչարեն. վաղուան մտածումը, յոյս եւ խանդավառութիւն պատճառելու տեղ յուսախաբութիւն եւ վհատութիւն կը բերէ:

Ի վերջոյ դիմաց անցայ: Նոբսնոր շատրուան մը քովս որուն ջուրերը ճիշտ յատակէն դուրս կը նետուէին: Տարօրինակ. ասանկ բան տեսած չկայի: Շատրուանէն դէպի աջ պզտիկ անտառակ մը կար. կանանչութիւնը աչքդ կը յագեցնէր: Մարդիկ կը սիրէին այս տեղը. կարծես իրենց միակ շունչը ըլլար. միակ շունչը քաղաքի մը մէջ, որ շնչասպառ կը ձգէր մեզի: Ադքան մեծ էր տեղը որ կրնայիր նաեւ վազելու կամ մարզուելու համար գալ: Կառավարութեան կողմէ մարզական քանի մը հատ գործիքներ շինուած էին անտառակին մէկ ծայրը: Պէտք է հաստատեմ որ յաջող գաղափար մըն էր (քիչ անգամներէն մէկը որ այս մարդիկ վերջապէս ըրին գործը որուն համար ընտրուեցան): Պարզ քալողներ, վազողներ, շուներ պտտցնողներ, հացկերոյթ ընողներ իրենց երեխաներով, ջինջ բնութիւնը վայելողներ: Ամէն տեսակի մարդ հոստեղէն կ՚անցնէր, մանաւանդ իրիկուայ ժամերուն. առտուները քիչեր կային: Անգիտակցաբար կը կապենք մեր առողջութիւնը բնութեան հետ. դարերէ ի վեր մշակուած մտածում մը ըլլայ կարծես: Ի վերջոյ երկու հարիւր տարի առաջ է որ կամաց-կամաց մարդիկ սկսան այս ձեւով համախմբուիլ քաղաքներու մէջ, ճարտարարուեստական յեղափոխութեան պատճառաւ: Ատկէ երկու հարիւր հազար տարի առաջ մարդ անտառներու մէջ, ծառերու վրայ կը պտտէր, ճիւղէ ճիւղ կը բռնուէր: Ամբողջ կեանքիս մէջ ամենէն շատ լսած ասացուածքս աս պէտք է որ ըլլայ. «առողջութիւնը ամէն ինչէ վեր»: Մարդկութեան խնդիրն է սակայն այս. ըլլայ Աստուած, գաղափար կամ առողջութիւն… խօսքով կը պաշտենք, ոչ գործով:

Աղջիկ մը առջեւէս անցաւ. այֆօնը ձեռքին ինչ-որ պատգամներ կը կարդար հաւանաբար: Հետեւիլ ուզեցի իրեն, երեսը չէի հասած տեսնելու: Գլուխը կախ, մէկ անգամէն, արագ քայլերով, ետեւէս գալով առջեւս անցած էր ուրեմն տեսածս այդ մէկ երկվայրկեանի մէջ պարունակուած էր: Այն երկվայրկեանին, որ ինք ոչ ետեւս էր, ոչ ալ առջեւս. ճիշտ հոն կարելիութիւնը ունեցայ ակնարկ մը նետելու վրան: Սակայն բաւարար չէր այդ մէկ ակնարկը. անպայման աւելին պէտք ունէի: Ինքն ալ դէպի գծուղի էր կարծես, ուրեմն ուզած չուզած պիտի հետեւէի իրեն: Շէկ երկար մազերը կը փայլէին արեւու ճառագայթներուն տակ: Երանի ես ալ այսպիսի հրաշալի մազ ունենայի: Քաքէն է իմս. կարճ, սրճագոյն ու անտարբեր: Փոփոխութիւն մը պէտք է եթէ կ՚ուզեմ որ մէկը մօտենայ ինծի ի վերջոյ: Բայց ի՞նչ կրնամ փոխել: Արդեօ՞ք երկնցնեմ նորէն. արդեօ՞ք ամբողջովին խուզեմ: Երեւակայելը վրաս դժուար է. եթէ աչքովս չտեսնամ չեմ հասկնար: Օր մը կը փորձենք ատ ալ. արդեն երկնցնելու համար նոյնիսկ ընելիք չկայ. միայն սպասում: Ի դէպ մարմինն ալ գրաւիչ էր ասոր. ետեւէն դիտելով կ՚անդրադառնայի որ այդ ճինզին տակ կատարեալ բան մը կար պահուըտած: Իր գանձն էր ատիկա. ատ եթէ չպահեր գաղտնի, ուրեմն ի՞նչը: Գոհարեղէնէ եւ դրամներէ աւելի արժէքաւոր է, չէ՞: Աշխարհի ամենէն արժէքաւոր բանը կրնայի ըսել: Բայց նոյնիսկ ատ թիւ մը ունի. թիւ մը որմէ պիտի չկարենաս հրաժարիլ: Այդ թիւը յայտնաբերող անձը ուզածը կ՚ընէ հետդ. Ամէն ինչդ կ՚առնէ. ունեցած չունեցածդ, ոչ միայն ինչ որ քեզի կը պատկանի, այլ ամէն ինչ: Սակայն հետաքրքրականը ուրիշ անձ մըն է. անձ մը որուն նորէն ամէն ինչդ կու տաս, բայց այս անգամ անգիտակցաբար եւ առանց փոխանակումի:

Աղջկան ետեւէն իյնալով ի վերջոյ հասած էինք գծուղիին կայարանը: Բախտս նշմարէ, երկու վայրկեանէն կը հասնի. քիչ մը աջ նայիմ, քիչ մը ձախ նայիմ, ժամանակը արագօրէն պիտի անցնի: Աջս նայեցայ, ձախս նայեցայ. առջեւս դարձայ, նոյնիսկ ետեւ շարժեցայ: Երկու վայրկեանը մէկ դարձած էր. բայց մէկը, դեռ հոն, կայուն կանգնած էր: Ուշացո՞ւմ մը կար կամ այդ երկու վայրկեանը տարիներ էին մտքիս մէջ:

Տարիներ որ պիտի թռչէին վրայէս, ետ ձգելով զիս, մաշած ու հինցած: Վախերէս մէկն էր աս. պարապ նստիմ, ոչինչ ընեմ ու կորսուիմ. կորսուիմ ժամանակին մէջ: Խոշոր ժամանակային փուչիկ մը յայտնուի առջեւս ու ես, սաստիկ զարմացած, չգիտնալով իր ինչ ըլլալը չհեռանամ, այլ ընդհակառակը. հետաքրքրութեամբ մօտենամ: Մօտենամ եւ փորձեմ դպնալ, փորձեմ հասկնալ ինչէ բաղկացած է: Տատամսոտ վիճակի մը մէջ անշուշտ պիտի մօտեցնեմ ձեռքս դանդաղօրէն եւ հասնելէն առաջ պիտի կենամ. կենամ մէկ երկվայրկեան, իբրեւ ազատութեան վերջին յոյս:

Սակայն յոյս, շատ ալ չունենաս, որ վերջը, յանկարծ, յուսախաբ չըլլաս:

Ընտրութեան կարելիութիւնը պատրանք մըն է միայն: Այն երկվայրկեանը, որ կարծես թէ կը մտածես եզրակացութեան մը հասնելու համար, պատրանք մըն է միայն: Ընտրութիւնը հիմա չըրիր. փուչիկը տեսնելէն առաջ, ընտրութիւնը արդեն իսկ ըրած էիր: Նոյնիսկ եթէ փուչիկ չըլլար, ընտրութիւնդ պիտի չանհետանար: Ուրեմն պինդ գլուխ ես, ընտրութիւնս մէկ ձեռքիս, յուսախաբութիւնս միւսիս, առաջ քալեցի. առաջ քալեցի ու անդրադարձայ որ փուչիկը հաստատուն մարմին չէր. ձեռքս մէջէն կ՚անցնէր: Եւ ընտրութիւն ընտրութեան վրայ ես, այլեւս չդիմացայ: Ոտքս ոտքին տուաւ, քայլը քայլին զարկաւ, միտքս միտքին մտաւ: Կէս մարմին ներս, կէս մարմին դուրս, վերջացած էր, կեանքս անյոյս: Միւս կէսն ալ ներս մտաւ եւ էութիւնս անհետացաւ: Տարիները անցան, մտածումները փճացան: Վերջին վայրկեանս ալ թռաւ. տրամուղիս վերջապէս հասաւ:

Սպասեցի նայիմ ուր կը կենայ, որ դռան առջեւը չմնամ: Մէկ-երկու քայլ դէպի ձախ կողմ, որ մարդիկ կարենան հանգստօրէն դուրս ելլել: Մտայ եւ դիմացիս աջ կողմը հենեցայ: Ամբողջովին լեցուն չէր. վակոնը հազիւ քսան-քսանհինգ հոգի ունենար: Գլխուս վեր պզտիկ պաստառ մը կար որ կայարանները կը ցուցնէր. կնոջ ձայն մը կը լսուէր բարձրախօսէն:

«Էղէու. յաջորդ կայարան՝ էղէու»: Հոն պիտի իջնէի եթէ երթալուս տեղը հայկական դպրոցը ըլլար. բայց հիմակուհիմա չէ, հոն չեմ երթար: Զօրաւոր ճերմակի տպաւորութիւնը կու տար վակոնին ներսը. ճերմակ շրջապատ, կապոյտ նստարաններ եւ կանանչ պաստառներ: Ասոնք էին գլխաւոր գոյները: Մարդիկ քով-քովի նստած, մէկը հեռաձայնով կը խաղար, միւսը երաժշտութիւն կը լսէր, ուրիշ մը գիրք կը կարդար: Լռութիւն կը տիրէր: Ոչ մէկը համարձակութիւն ունէր ձայնաւոր բառ մը արտասանելու. միակ բանը որ կը լսուէր, տրամուղիին անիւներուն խանգարիչ ձայնն էր, որ մանաւանդ աջ կամ ձախ դառնալու ատեն կը զօրանար կարծես. կրնայիր զգալ ճնշումը որ կը տանէին: Աջ կողմս էր որ դէպի առջեւ կ՚երթար. հոն նայելով, առջեւի վակոնի քիթին, քշողը կը գտնուէր: Այս մարդը միշտ տպաւորութիւնը կու տար թէ ամբողջ օրը երկու կոճակ կը կոխէ. մէկ դեղին, մէկ կարմիր: Դեղինը մէկ անգամ կոխելով տրամուղին պիտի սկսի, երկրորդ անգամ կոխելով կենայ: Կարմիրն ալ դուռը բանալու եւ գոցելու համար: Հայտէ սեւ կոճակ մըն ալ աւելցնենք լոյսերուն համար, բայց ատկէ զատ ի՞նչ: Ինծի դնէիք օրը 9 ժամ կոճակներ կոխելու, անձնասպան կ՚ըլլայի կարծեմ: Ինչ որ է, աւելի գէշ վիճակներ կան վստահաբար: Մէկը կրնայ ըլլալ երեք կոճակի տեղ երկու ունենար կամ մէկ: Մարդիկ կան նոյնիսկ կոճակ մը չունին կոխելու եւ կը վճարուին. պարզապէս նստելու համար:

Թափանցիկ դուռէն դուրս կը նայիմ, ինչպէս ինքնաշարժները կը հետեւին մեզի: Մեր ուղղութիւնները զուգահեռ են. ուրեմն ճիշտ դիմացս, կարմիր պզտիկ օթօ մը, մեր արագութեամբ, տրամուղիին քովէն կը քալէ: Կարծես իր պզտիկ ընկերը ըլլայ, որ ուր ալ երթայ հետը պիտի գայ: Ուղիղ ճամբայ կամ ծուռիկ. անձրեւոտ օրեր կամ արեւոտ, անուշիկ. լեռներ, ձորեր, ես եւ դուն. մի՛ վախնար ճամբան մեր սահուն: Ու երբ այլեւս անտառներ, անապատներ անցնինք, կանանչներ եւ դեղիններ նայինք, երբ այլեւս արեւը մար մտնայ եւ գիշերը մօտենայ, դուն իմ պզտիկ ընկեր, գիտցիր. մեր ճամբորդութիւնը պիտի չկենայ: Յանկարծ բարձրախօսէն լսուեցաւ. «Էղէու»։ էղէու ըսուեցաւ: Դիմացիս դռները բացուեցան եւ քանի մը հոգի դուրս ելան. մտնողները աւելի շատ էին բայց, տրամուղին ծանրացաւ: Դռները գոցուեցան եւ ձայն մը նորէն. «Պակնանա. յաջորդ կայարան՝ Պակնանա»: Վերջապէս, հոն ուր ընկերներս կը սպասեն զիս: Յուսամ շատ ուշ չմնացի. շատ սպասած չըլլան ինծի: Մէկ-երկու վայրկեան է ընդամէնը եւ տեղ կը հասնիմ: Անցնելով, մեր դիմաց կողովագնդակի բակ մը կ՚երեւի. պաս-պարապ սակայն, կանուխ է դեռ. մարդիկ այս ժամերուն չեն խաղար: Շարունակելով, մեծ զառիվեր մը կայ վերջին. երեւակայէ ուժը որ պէտք է այս ծանրութիւնը քաշելու համար: Տրամուղին արդեն մինակը ծանր մարմին ունի, ասքան մարդ ալ մէջը աւելցած, կրնայ խնդիր մը ըլլալ: Մէկ անիւ աջ տուր, մէկ անիւ ձախ տուր. ետեւէն հրէ, առջեւէն հսկէ: Սա ծանրութիւնը ինչպէ՞ս կը քաշէ: Մարդիկ հանդարտ, առանց հասկնալու կը բարձրանան եւ իրենց հոքը չէ ինչպէ՛ս, ինչո՛ւ:

Վերջին ուղիղս այլեւս մնաց. նայէ, նայէ ընկերս դեռ չգնաց: Բայց լոյսը կարմիր է, անցնիլ չենք կրնար. սպասել, սպասել պէտք է անդադար: Կարմիր օթօ, կարմիր յոյս, կանանչ եղաւ, աչքերնիդ լոյս: Ու հասայ տեղ, վար իջայ, կրնամ ըսել նեղուեցայ որ պզտիկ ու մեծ ընկեր, ճամբաներ կ՚ընտրեն տարբեր:

-Շատ չուշացայ չէ՞:

Շուրջիս աշխարհը, նորէն բացուեցաւ. խանութներ, մարդիկ եւ ինքնաշարժներ մօտիկ զգացի, քիչիկ աւելի: Կայարանի մետաղէ պաստառը Պակնանա կը գրէր, սեւ, խոշոր գիրերով. ինձմէ մէկ մեթր բարձր մօտաւորապէս: Աջ կողմս, ծերուկ կին մը, դժուարութեամբ կը փորձէր տոմսակներու մեքենան աշխատցնել. ամիս մը առաջ բոլոր այս մեքենաները նորոգեցին եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն տուին մարդոց. եանի, կը գտնանք ձեւը վաղ թէ ուշ:

Օգնե՞մ կինը. չօգնե՞մ: Լաւ օգնեմ արագ մը. ուֆֆ, չէ չէ, ժամանակ չկայ ասանկ բաներու համար: Աւելի լուրջ խնդիրներ ունիմ. ընկերներս կը սպասեն: Ծանօթացումը մեր, 9 տարի առաջ այսպիսի անուշիկ օրուայ մը նման. այն ատեն սակայն, բոլորս կէս մեթր մը պակաս էինք. ես կրնայ ըլլալ աւելի նոյնիսկ: Այո, մեր հասակները մօտ են. ոչ բարձրահասակ, ոչ ալ կարճուկ, 1.80 ենք բոլորս: Յարութը միակ ակնոցաւորն է: Նիհար, բարեսիրտ տղայ մը, այնքան բարեսիրտ որ կը կարծէիր թէ կեանքի մէջ նոյնիսկ մժեղ մը սպանած չկայ: Կարճ, գանգուր, ցանցառ մազ մը եւ պզտիկ մօրուք մը. խիտ չէր դեռ, սկզբնական մօրուքային քայլերը կ՚առնէր: Սեւ թիշըրթ մը վրան, կապոյտ ճինզ եւ ճերմակ կօշիկներ:

Երկու ճամբաներու միջեւ էր կայարանը, ուրեմն պէտք է դիմացի մայթ անցնէինք: Աջ ու ձախ դարձող գլուխները ստուգեցին եթէ կու գան ինքնաշարժները: Վստահ ըլլալով որ այլեւս վտանգ չկայ, հանգստօրէն քալեցինք ճամբուն վրայ:

– Ինչպէ՞ս ես, Յարութը հարցուց:

Ինչպէ՞ս եմ. եթէ մէկը գիտնայ թող պատասխանէ տեղս հաճիք: Տարօրինակ նեղութիւն մը պարուրած է միտքս. չեմ կրնար հասկնալ ինչո՞ւ, կամ աւելի ճիշտ, չեմ ուզեր. չեմ ուզեր հասկնալ ինչո՛ւ: Հետաքրքրուած չեմ այդ խնդիրը լուծելով, որովհետեւ միշտ պզտիկ է. պզտիկ է եթէ համեմատեմ հանդարտ օրերուս հետ: Կու գայ եւ կ՚անցնի. չ՚ուշանար: Այդ օրերը պարզապէս կը փորձեմ շատ չմտածել. կը զբաղցնեմ ինքզինքս տարբեր խաղերով կամ ժապաւէններով: Ու կը մոռնամ քիչ մը, կը տարուիմ, կը թեթեւնամ, մինչեւ որ ետ պառկելու իյնամ, եւ այլեւս կտրուիմ այս աշխարհէն, կորսուիմ այս տեղէն, ճամբորդեմ ուրիշ տեղեր, ուրիշ վայրեր… Վայրեր որ ես պիտի ստեղծեմ այլեւս, մինակս, առանց միջնորդութեան, առանց որեւէ մէկ օգնութեան, առանց որեւէ մէկ բառ արտասանելու, մինակ, միս մինակ, ես պիտի ըլլամ տէրը աշխարհիս, տէրը վայրիս, մեծ ստեղծողը, Աստուա՞ծը, կրնայ ըլլալ, ինչո՞ւ ոչ, պիտի որոշեմ ինչ գոյն պիտի ըլլայ երկինքս, ուրտեղէն պիտի յայտնուի արեւս, ուրտեղէն պիտի կորսուի, ուր պիտի գտնուի կղզիս, արդեօ՞ք կեցած պիտի ըլլայ, կամ պիտի ճամբորդէ՞ ազատ տիեզերքին մէջ ցցնելու համար վայրեր որոնք չէի կրցած գտնալ դեռ, չէի կրցած երեւակայել, չէի գիտեր որ այդպիսի վայր մը կրնայ գոյութիւն ունենալ, չէի գիտեր որ պարապութիւնը այս հսկայ կրնամ ջուրով կշտացնել, եւ մէջը սուզուիլ, անդադար սուզուիլ, առանց գետին դպնալ կրնալու, որովհետեւ գետին գոյութիւն պիտի չունենայ, յատակ մը չկայ, եւ պիտի կորսուիմ այդտեղ, տարածութեան մէջ, ժամանակի մէջ, ժամանակի տարածութեան մէջ, սեւ խուցի մը մէջ, հոն ուր ուզածս կրնամ գիտնալ, ոչինչ կրնամ ընել, ոչինչ կրնամ մտածել. կրնամ, պարզապէս կորսուիլ:

– Լաւ եմ Յարութ:

Յարութը լսե՞ց. չլսե՞ց. չեմ գիտեր: Վստահ եմ միայն որ հոգը չէր այդ վայրկեանին. Վարդանին հետ կը խօսէր այլեւս: Երեքով էինք, բայց մինակ էի: Հոն էի իրենց հետ, բայց հոն չէի իրենց համար. եւ մեղադրել ալ չեմ կրնար, որովհետեւ իրաւունք ունէին զիս հանգիստ ձգելու: Յաճախ կը պատահէր որ շուրջս նայելով կամ մտածումներուս մէջ կորսուած չպատասխանեմ ըսածներուն. անքաղաքավարութիւն: Կը սիրեմ այս բառը. ոչ իբրեւ բառ այլ իբրեւ արարք: Անքաղաքավարութիւնը, ձեր աշխարհին դէմ կռիւ մըն է. անորոշ: Անորոշ կռիւ մը, պաղ պատերազմ մը. ձեւով մը միայն հոգեբանութեան ազդող, առանց զոհերու, առանց ռումբերու: Շիք կռիւ մը: Շիք եւ անորոշ. ու գիտես որ կրնայ արդիւնաբեր ըլլալ չէ՞: Նայէ, ամերիկացիները մինչեւ ուր հասան: Ես արդեօք մինչեւ ո՞ւր կրնամ հասնիլ: Կրնա՞մ սահմաններս կործանել եւ մէկ աւելորդ քայլ ընել: Կրնա՞մ թեւերս բանալ եւ Իմփայր Սթէյթի գագաթէն, ազատ ձգել մարմինս որ իյնայ, իյնայ ու իյնայ, օդը զարնէ ամէն մէկ մասնիկիս, կարծես թաթառի մէջ ինկած ըլլամ, ադքան զօրաւոր որ հագուստներս փրթին կամաց-կամաց, փախչելով վրայէս, ու այլեւս մերկ, միակ մնացած տուժողը մաշկս ըլլայ։ Մաշկս ու մնացած մազերս՝ գլխուս, անութիս եւ ոտքերուս լման մազերը, նոյնիսկ յօնքերս, պիտի չկարենան հանդուրժել հսկայական արագութեամբ այս մաշումը, իրենք ալ պիտի փրթին մէկ-մէկ, գլուխս պիտի ցաւի անկումէն, ձեռքերս պիտի զարնուին կուրծքիս, փորիս, մէջքիս եւ մէկը միւսին դէմ նոյնիսկ, ծափիկ տալու պէս, ուրախութեան ծափիկներ, որ պիտի նշեն խանդավառութեանս եւ վերջաւորութեանս գալուստը… Գալուստ մը որ տարիներով անդադար սպասեցի, չգիտնալով որ վերջին երկվայրկեանին, երբ այլեւս ոչ մէկ յոյս պիտի մնայ, թռչող թեւերս պիտի բացուին ու պիտի թռիմ, հասնելով մինչեւ երկինքի հորիզոնի ամենէն հեռացուած մեկնակէտը:

Քանի մը քայլ անդին եւ կը մօտենանք այլեւս. տղաքը «վերջին մայթն է», կ՚ըսեն: Ձախ ձեռքիս դիմացը խանութ մը, «Հաւեր Պետրոս»: Ճիշտ հասկցար, միս վաճառող խանութ մըն է, հաւ վաճառող մասնաւորապէս: Սա մարդիկը միսի խենթ ըլլան կարծես, երկու փողոցը մէկ ասանկ տեղ մը պիտի ըլլայ, որ սուվլաքի պիտի ծախէ:

Չգիտցողներուն համար, մեր ազգային խորհրդանիշն է սուվլաքին: Փիթա հացի մէջ փաթթուած խոզի կամ հաւու միս, վրայէն տապկուած գետնախնձոր, սոխ եւ ճաճըխ… Ադքան ճաճըխ որ վերջը բերնիդ հոտէն ազատիլ չկայ: Ուրեմն շատ յաճախ զոյգերը իրենց միջեւ կ՚որոշեն թէ կրնան սուվլաքի ուտել, միայն թէ առանց ճաճըխի. հասկնալի է մէկ կողմէն, միւս կողմէն ալ առանց ճաճըխի լման համը կը փոխուի: Ընկերուհի-ճաճըխ երկսայրաբանութեան միջեւ, շատեր ճաճըխ պիտի ընտրէին: Եւ անկեղծ ըլլամ, վստահ չեմ ես ալ ընտրութեանս համար: Ուտելիքը անհրաժեշտութիւն մըն է կեանքիս մէջ. այսինքն անհրաժեշտութիւն մըն է նոյնքան բոլորին համար, միայն թէ կը զգամ որ ես քիչիկ աւելի կարեւորութիւն կու տամ: Անանկ մը կ՚ըլլայ որ, երբ անօթենամ պէտք է անմիջապէս ուտեմ. եթէ ոչ, միտքս միայն ատոր շուրջ կը դառնայ եւ ուրիշ ոչինչ կրնայ մտածել: Ու այս վիճակին քաքը այն է որ ամէն երկու, շատ շատ երեք ժամ կ՚անօթենամ, եւ օրուանս կէսը կարծես ասանկ կը փախի: Միւս կէսն ալ քնանալս կ՚ըլլայ. ինծի ձգես նէ օրերով կը քնանամ, շաբաթներով նոյնիսկ: Դժբախտաբար սակայն պարտականութիւններ ունիմ, որոնք չեն արտօներ հանդարտ քունս շարունակել: Առտու կանուխ կ՚արթնցնեն, գլխուս մէջ զնգզնգալով եւ պոռալով:

– Արթնցիր լան. պարապ մարդ մի ըլլար. հաւերուն կուտ պէտք է տաս, կովերուն կաթը կթես, ոչխարներուն մազը կտրես, պարտէզը ջրես:

Վարանոտ վիճակովս կ՚արթննամ ու կ՚անդրադառնամ որ ագարակի մէջ չեմ ապրիր. մայրաքաղաքի մարդ եմ ես: Հաւեր չունիմ, կովեր չունիմ, ոչխարներ ալ չունիմ: «Հաւեր Պետրոս»ը քառուղիի անկիւնը կը գտնուի. մայթի վրայ որ կը քալենք հիմա: Կամաց կամաց, երեխաներ, մեր տարիքի երիտասարդներ եւ մեզմէ մեծեր կը հաւաքուին մեր շուրջը ու կը հետեւին մեզի. կամ մենք իրենց, տարբերութիւն չ՚ըներ: Աջ ձեռքիս կողմը, պզտիկ հողամաս մը կայ, մետաղէ, կանանչ, կէս մթերանոց ցանկապատով մը շրջապատուած: Աչքս երկարելով, կը տեսնեմ որ քանի մը հատ կան քով քովի, մէկ հատ չէ միայն: Խոտեր, ծաղիկներ եւ թուփեր, անմշակ, գէշ վիճակի մէջ ձգուած էին:

«Երաժշտական սրճարան» անունով սրճարան մը կ՚երեւի հինգ վեց մեթր առջեւ: Օրերով կը մտածէին հաւանաբար այս անունը գտնալու համար. «Հաւեր Պետրոս»ին պէս: Գոնէ տեղերը ճիշտ են ասոնց. այդ տեսակէտէն կրնամ արդարացնել: Մութ մանիշակագոյն մը կը տիրէ շրջապատկերին. խանութին առջեւ, երեք չորս կլորակ, փայտէ սեղաններ, իւրաքանչիւրը երկու աթոռով, մէկ մոխրամանով վրան: Ներսի տարածութիւնը պզտիկ, հաւանաբար 25 մեթր քառակուսի: Ոչ բաւական լուսաւորուած. կարծես դիտմամբ մթութիւն մը կը փորձէր պաշտպանել: Մտնալով ձախ կողմ, հիւրասիրութեան տեղը կար, ուր խմիչքները դասաւորուած էին պատին վրայ, քով քովի, ռուսական օղի, արմտօղի, թեքիլա, շաքարօղի, ուզօ, գինի, ամէն ինչ կար: Աջ կողմի անկիւնին վրան ալ հեռատեսիլ մը փակցուած. քիչ մը բարձր, որ բոլորին համար տեսանելի ըլլայ: Եւ չկրցայ աւելին նշմարել. ինչ որ տեսայ մեր քալելուն վրայ նետած ակնարկս էր. մեծ ուշադրութեամբ չկրցայ նայիլ:

Որքան մօտենայինք, այդքան կը բազմանայինք: Շէկ երեխաներ, թխամազ աղջիկներ, կիսաճերմակ մազերով ծնողներ: Գէր, նիհար, մկանոտ, կարճ մազով, երկարամազ, անմազ: Ամէն տեսակի հագուստներով, զանազան գոյներով: Շէկ աղջիկ մը աչքիս տակ կ՚իյննայ. երկար, շիփ շիտակ է մազը. կապոյտ աչքը կը փայլի բազմութեան մէջ, շուրջէն ակնարկեր կը հաւաքէ վրան: Կրնամ նշմարել տղոց հետաքրքրութիւնը որ կը գրաւէ. իմ հետաքրքրութիւնս ալ գրաւեց: Տպաւորիչ է երեսը: Մարմինն է միայն որ շատ նիհար չէ, բայց այսպիսի տպաւորիչ դէմքի մը առջեւ, ի՞նչ է մարմինը: Կարմիր փէշով մը որ շատ կը վայելէր: Կարելիութիւնը ունէր երեւելու: Հակառակ մեծամասնութեան, կարելիութիւնը ունէր երեւելու բազմութեան մէջ. անկարելի էր մօտդ ըլլար եւ չնշմարէիր իրեն: Մենք միւս կողմէն, կանք չկանք, տարբերութիւն չ՚ըներ:

Նեղուած, ուրախ, հպարտ, ջղային, հանդարտ դէմքեր: Ձայներ, խնդուկներ, ծանր քայլեր, պոռչտուքներ, խօսակցութիւններ: Ամէն տեսակի նիւթեր կը դառնան. խումբ մը տղաք ոտնագնդակի շուրջ կը վիճաբանին:

– Աղուոր մը քունեցինք ձեզի երեկ չէ՞:

– Արդար յաղթանակ էր. կը շնորհաւորեմ:

Մարդիկ, ձայներ, գոյներ, խօսքեր, դէմքեր, թռչուններու երգեր, մազեր, բառեր, ձեռքեր, անուններ, կօշիկներ, կանչեր, ներկուած եղունգներ, ներկուած հնչիւններ, ներկուած մտածումներ: Ես ալ ասոնց մէջտեղը, իբրեւ հանդիսատե՞ս, իբրեւ լրագրո՞ղ, պարզ տեսնո՞ղ: Ես ալ ասոնց մէջտեղը իբրեւ ունկնդի՞ր, իբրեւ ձայնագրո՞ղ, պարզ լսո՞ղ: Ես ալ ասոնց մէջտեղը իբրեւ էութիւն, իբրեւ երիտասարդ, պարզ մարդ։ Կեդրոնական դուռը կ՚երեւի. շէնքերը մաշկի գոյնով ներկուած են: Մէկ, երկու աստիճան վար եւ կը մտնանք ներս. կը հետեւինք միւսներուն, առաջին անգամն է որ հոս կը գտնուինք: Մեծ, լայն տարածութիւն մը, ուր կողովագնդակի դաշտ մըն ալ կայ. տարօրինակ սակայն: Սակառներէն զատ ուրիշ ոչինչ կար: Դաշտի եւ բակի գոյնը չէիր կրնար զատորոշել. երեք նիշի եւ դաշտը կիսող գիծերը չկային:

Աջ կողմս մարմարէ, լայն նրբանցք մը, որը կը տանէր դէպի քովի շէնքը. եւ ճիշտ ասած շէնքերու բաժանում չէր, այլ տարածութեան: Մեր եւ քովի տարածութիւնները, խոշոր, կանանչ, մետաղէ դուռ մը կը բաժներ, որու մէջէն սակայն կրնայիր տեսնել որովհետեւ ձողերը բարակ էին: Երկու երեք քայլ ըրինք բակի կեդրոնը հասնելու համար: Տաս տասնհինգ մեթր ետեւ դասարաններ կային, որոնց պատուհաններու մէջէն կրնայի աթոռներ եւ գրասեղաններ նշմարել: Նրբանցքէն վեր պատշգամ մը, կանանչ, մետաղէ ձողերով պաշտպանուած: Բակի տարածութիւնը հսկայ մայթի մը պէս էր. այսինքն մայթը որուն վրայ կը քալէի տաս վայրկեան առաջ, տակս տեղափոխուած ըլլար կարծես, այդ իր տգեղ մոխրագոյնով: Մարդիկ մեզմէ վերջ կը շարունակէին մտնալ դեռ. բակը կը լեցուէր կամաց կամաց: Խոշոր մարդ մը, իր յիսունականներուն մօտ, կլոր փորով, իր բարձր հասակով կը տարբերուէր ժողովուրդին մէջէն. վստահ ուսուցիչ ըլլալու էր: Տէր Հայր մըն ալ մտաւ ու մօտեցաւ բարձրահասակ մարդուն. սկսան խօսիլ: Տարիքոտ ըլլալու չէր. քանի մը ճերմակ մազ կրնայիր նշմարել մօրուքին կամ մազին վրայ: Ինքն ալ անսովոր ըլլալու էր. մեծամասնութիւնը իրենց երկար մազով, մօրուքով են: Սակայն ինքը սեւ, երկար սքեմ, մինչեւ յատակ հասնող, ոսկէ խաչ մը վիզէն կախուած, կարճ մազ եւ կարճ մօրուք:

– Շարքերո՛ւ մտէք, բարձրահասակ խոշոր մարդը ըսաւ:

Ուսուցիչները սկսան օգնել մեզի ճիշտ տեղը կենալու համար: Երեքս, մեր տարիքի տղոց միջեւ տեղաւորուեցանք:

– Բարի եկած էք, նոր տարեշրջանի մը. վստահութեամբ կրնամ ըսել որ անծանօթ մէկն եմ ձեզի համար, սակայն մի նեղուիք, շուտով կը ծանօթանանք, մօտիկ ընկերներ կը դառնանք:

Իսկ մեզի հարցուցի՞ր այ մարդ, կ՚ուզե՞նք հետդ ընկերանալ, չե՞նք ուզեր:

– Կը յուսամ որ մեր միջեւ խնդիրներ պիտի չյառաջանան. ձեզի յաջող եւ ուրախ տարեշրջան մը կը մաղթեմ:

Մարդու ձայնը իր հասակին համեմատ էր. ծանր ու հաստ: Շատ մեծ յոյսեր ունէր ըստ երեւոյթին մեր բարեկամութեան շուրջ սակայն խնդիրները արդեն կը սկսէին: Քիչ մը դժուար է այս թիւով երիտասարդներ մէկ անգամէն հանդարտեցնել. մարդիկ աջ ու ձախէն կը խօսէին տակաւին:

-Խնդրեմ լռութիւն:

Հոգերնին չէր բայց. կը շարունակէին: Արտայայտութիւնը փոխուեցաւ. սկսաւ բարկանալ:

– Դուն, հոն, կարմիր շապիկով:

Բոլորը տղուն կողմը դարձան:

– Ո՞վ, ե՞ս:

– Այո, դուն. ինչո՞ւ կը խօսիս:

– Բայց չեմ խօսիր:

– Եւ կը շարունակես:

Լռութիւն տիրեց ի վերջոյ, վախցանք կարծես թէ, մենք չըլլանք յանկարծ յաջորդ ուշադրութեան կէտը: Լաւ սկսանք: Տէր հայրը վերջապէս, արտօնութիւնը առաւ սկսելու արարողութիւնը: Բաներ մը կ՚ըսէր որ կը զգայի, մեզմէ որեւէ մէկը կարողութիւնը չունէր հասկնալու. ինքն ալ հաւանաբար ադքան արտասանած է այս նոյն բառերը որ այլեւս առանց մտածելու կ՚արտասանէր: Միակ ձայները որ կը լսուէին բուրվառն էր, առջեւ ետեւ, առջեւ ետեւ, քանի մը փսփսուք, մէկ երկու խնդուկ: Ռեհանը թաթխեց օրհնած ջուրին մէջ ու սկսաւ դէպի մեր կողմ թռչել, առանց արտասանութիւնը կեցնելու: Մէկ անգամ ջուր, երկու անգամ ջուր, երեք անգամ ջուր եւ այլեւս ես պիտի սկսէի աղօթելու․ հաճիս վերջանայ այս խայտառակութիւնը:

Յարութին ետեւը Վահանն էր. Վահանին ետեւն ալ ես էի: Սա տղան արհամարհեցի քիչ մը. սկիզբէն ի վեր միասին ենք երեքս եւ սակայն որեւէ մէկ տեղեկութիւն տուի իր մասին:

Իմ հասակիս մօտ, նիհար, ոչ շատ, ինձմէ աւելի ծանր վստահ: Տարօրինակ ձեւով, մօրուքը արդեն խիտ. մաշկը չէր երեւեր տակէն, աղուոր ձեւաւորուած: Մազը կարճ, մէկ երկու մատի երկարութեամբ, սրճագոյն. աչքերը նոյնպէս: Հակառակ իր մեծ քիթին եւ խոշոր ականջներուն, տգեղ մէկը չէր: Հաւասարակշռութիւն մը պահպանուած էր երեսի մասերուն միջեւ: Մոխրագոյն կօշիկներ, սեւ շորթ, կանանչ թիշըրդ: Արարողութեան վերջաւորութեան ատեն պարզ ընկերուհի մը տեսանք. երեքս ալ ծանօթ էինք իրեն, քանի որ երկու տարի առաջ նոյն դպրոցին մէջն էինք: Նարինէն մէկ տարի մեծ էր մեզմէ:

– Բարեւ ինչպէ՞ս ես:

– Լաւ եմ, դո՞ւք:

– Մենք ալ: Նէա Զմիռնի պիտի գա՞ս:

– Կարծեմ:

– Շատ լաւ ուրեմն, հոն կը տեսնուինք:

Ամէն տարի, միջնակարգէն սկսեալ, օրհնութենէն վերջ Նէա Զմիռնի կ՚երթանք. բնակարանիս թաղամասը: Ութսուն հազար հոգինոց թաղամաս, պզտիկ քաղաք մը կրնայինք ըսել. միայն թէ խտացած, բաւական խտացած: Աթէնքի հարաւը, ծովուն մօտ: Նէա Զմիռնի. արդեօ՞ք բան մը կը յիշեցնէ ձեզի: Անշուշտ կը յիշեցնէ եւ ճիշտ էք: Թրքական Իզմիր քաղաքը կայ. որ ժամանակին Զմիւռնիա էր անունը: Ուրեմն քսանական թուականներու շուրջ գաղթը կայ դէպի Յունաստան, մանաւանդ 1922ի Զմիւռնիոյ աղէտէն վերջ. փախստականներ կամաց կամաց հասած են Աթէնք եւ փորձած համախմբուիլ: Մեծ մասը իրենցմէ հոս հաստատուած են եւ Նոր Զմիռնի հիմնած:

Նէա Զմիռնի բայց մենք ըսելով, նկատի ունէինք նշանաւոր հրապարակը, եւ ոչ թաղամասը: Անցայ այս առտու հոնտեղէն բայց կանուխ էր դեռ. ամբողջական պարապութիւն կը տիրէր: Հիմա երեքս պիտի վերադառնայինք մինչեւ սկսած կայարանս: «Պակնանա» հասնելէն առաջ, ճիշտ դիմացը «Դարադադրամ» անունով ուզէրի մը որ հիմա կը բացուէր կարծես: Քանի մը կլոր սեղան, աթոռ դուրսի կողմէն, ապակիէ դրան առջեւ. կին մը մաքրող, ներսը կ՚աշխատէր:

– Օր մը իրիկուայ ատենները կրնանք հոս գալ, նստիլ, բան մը խմել:

– Իրաւունք ունիս, հետաքրքրական խանութ կ՚երեւի:

Նորութիւն մըն էր. հազիւ մէկ երկու անգամ տեսած ըլլայինք, հակառակ որ տարիներով կ՚անցնինք այս ճամբայէն, ամէն օր գրեթէ: Փողոցի դիմացի կողմը անցանք. հասանք, պաստառը հինգ վայրկեան կը գրէ այս անգամ: Օդը տաքնալու սկսած էր. արեւու ճառագայթները այլեւս չէին կրնար պահուըտիլ շէնքերու ետեւը: Սեպտեմբերեան մեր եղանակը միշտ այսպէս եղած էր, շարունակութիւնը ամրան: Անցք մը դէպի աշուն, որ շատ գէշ չ՚ըլլայ լքումը. պէտք էր որ փոփոխութիւնը կամաց կամաց գայ: Երեւակայէ մէկ անգամէն, ամառէն ձմեռ անցնէինք: Ի՞նչ կը կարծես, արդեօ՞ք պիտի հանդուրժէինք: Բարեբախտաբար մեր տարուայ չորս եղանակները, սահուն չեն, ինչպէս որ են մեր թշուառ կեանքերը: Ձիւնը կը հալի, աստիճանի փոքր զարգացումի պատճառաւ. մաշկը կը մաշի, թթուածինի ու մարմնի յարաբերութեան պատճառաւ: Մարդիկ պիտի խենթանային հաւանաբար, եթէ մեծ փոփոխութիւն մը արագ ըլլար, պատահաբար: Պառկէիր գիշերը երիտասարդ ու աղուոր, արթննայիր առտուն յաջորդ, ծեր, մօրուքաւոր: Պառկէիր գիշերը լուսաւոր ու փայլուն, արթննայիր առտուն յաջորդ, մութ եւ անքուն:

Հակառակ ուղղութեամբ այս անգամ։ «Պակնանա», «էղէու» եւ «Աղիաս Ֆոդինիս» պիտի ըլլար: Աղիաս՝ սուրբ եւ Ֆոդինիս՝ առանց վստահ ըլլալու, «Լուսինէ» կրնայի ըսել: «Սուրբ Լուսինէն» ուրեմն գլխաւոր եկեղեցին է մեր թաղամասի եւ քալելով հինգ վայրկեան հեռու հրապարակէն:

Տրամուղիին դռները կը բացուին եւ մէկ անգամէն հարիւրաւոր երիտասարդներ կ՚իյնան աչքիդ առջեւ: Նոյն վագոնին մէջ, աջիդ կամ ձախիդ վագոններուն մէջ, առջեւդ, հրապարակին վրայ. ամէն տեղ են: Վստահաբար շատ ծանօթներու կը հանդիպինք հոս. բայց ժամադրուած ենք ընկերներու խումբով: Մենք եւ երեք աղջիկներ գլխաւոր խումբն ենք. շատ անգամ մեզի նաեւ ուրիշ ընկերներ կը միանան, բայց մենք, վեցս, միշտ ներկայ. միասին: Երկուքին դպրոցը ճիշտ հրապարակին վրայ կը գտնուի. կրնանք երթալ դուրսը սպասել իրենց: Ինչպէս կայարաններու մեծամասնութիւնը նոյնպէս աս ալ երկու փողոցներու միջեւ է. ետեւս սրճարաններ, չինական ուտելիքի խանութ մը, դրամատուն մը. դիմացս հրապարակը: Փողոցը անցանք ու վերջապէս ոտք կոխեցինք հոն. որեւէ տարօրինակ զգացում չկար. նոյն հրապարակը, նոյն մարդիկը, նոյն տպաւորութիւնները: Աջ ու ձախ նայելով, շուրջդ դիտելով կը փորձեմ ըմբռնել կատարուածը: Սակայն անկարելի է. աչքդ կրնայ տեսնել, բայց միտքդ անկարող է հետեւելու բոլոր իրադարձութիւններուն:

Արձան մը տնկուած է առջեւս. արձան մը որուն առջեւ չեմ յիշեր կեցած, հետաքրքրուած ըլլալս, ոչ իսկ վայրկեան մը նայելու, հասկնալու, թէ ո՞վ է այս մարդը. ինչո՞ւ հոս կը գտնուի, ի՞նչ նպատակով: Ո՞վ է այս անպէտք արձանները թխմողը ամէն տեղ. ինչո՞ւ մարդիկ երբեք չեն հետաքրքրուիր ասոնցմով: Սակայն կրնամ դիւրութեամբ գուշակել ասոր ով ու ինչ ըլլալը. կարեւոր քաղաքապետ մը, նախագահ մը, նախարար մը, վարդապետ մը կամ հռչակաւոր զօրավար մը: Երեւակայէ դուն քու արձանդ շինես եւ տնկես հրապարակի մը մէջտեղը ու մէկն ալ քաքի տեղ չդնէ քեզի: Եթէ ուզէի ստորնութիւն բառը մէկ տեսարանով ներկայացնել, կարծեմ ա՛տ կ՚ըլլար: Չեմ կարծեր. վստա՛հ ատ կ՚ըլլար: Ատ է ստորնութիւնը. ինքզինքդ նշանաւոր ու կարեւոր մէկը կարծես, բայց իրականութեան մէջ անպէտք, նոյնիսկ վնասակար արարած մը ըլլաս: Եւ ատ է մտրակը որ կը չարչարէ մարդու էութիւնը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այլեւս իր կեանքին իմաստը, եթէ ոչ նշանաւոր մէկը դառնալը: Մարդ արարածը երկու հարիւր հազար տարի ետ մնացեր է, բանտարկուած. կարծելով թէ քաղաքակրթուած եւ ազնիւ մէկն է: Ու հասած ենք հոս սիրելիներ, 2012 Քրիստոսէ ետք. մէկ կողմէն ունինք մարդը որ տիեզերք հասած է եւ խենթանալիք ստեղծագործութիւններ կատարած է եւ հակառակ ուղղութեամբ կապիկ մը որ միւս կապիկներուն դէմ կը կռուի տակաւին, ինքզինքին բան մը փաստելու նպատակով:

– Հաճիս, պատասխանեց Վահանը:

Սթարպաքսը հրապարակի ճիշտ անկիւնը կը գտնուի, ուրեմն կայարանին դիմացն է գրեթէ. մարդիկ ժամադրուելու ատեն յաճախ հոս կը հանդիպին: Կանանչ ետնամաս, ճերմակ գոյնով գծուած աղջիկ մը, երկար մազով, գեղեցիկ թագ մը գլխուն: Քիչ մը ուշադրութեամբ դիտելով կ՚անդրադառնաս որ պարզ աղջիկ մը չէ, այլ ծովանոյշ մը, որ կը զգացուի թէ իր պոչը երկու մասի բաժնուած եւ վարէն դէպի վեր ելած է շրջապատելով զինք մինչեւ իր ուսերու բարձրութիւնը: Չէի նշմարած այդ թագի վրայի աստղը ու ճիշտ նոյն պատճառով երբեք կապը չէի ըրած աստղին եւ ընկերութեան անունին միջեւ:

Երկու յարկանի. ոչ շատ մեծ, ոչ ալ պզտիկ շէնք մըն էր: Թափանցիկ ապակիներով շրջապատուած, որպէսզի ներսի ամէն ինչը երեւելի ըլլար: Ամբողջովին փայտէ շինուածի տպաւորութիւնը ունէր. սրճագոյնը եւ անոր երանգները գլխաւոր գոյներն էին:

Արկղակալի առջեւ արդեն քանի մը երիտասարդ կան որ կը սպասեն: Յարութը կը փորձէ ապակիէ դուռը քաշել. չի բացուիր: Կ՚անդրադառնայ սխալը եւ կը հրէ այս անգամ. ներս կը մտնանք: Խանութին միայն կէս սեղանները անսբաղ են. շատ հանգիստ չէ նստելու մեծ խումբի մը համար, սեղանները պզտիկ են եւ տեղը անյարմար: Պոչին ծայրը կը դառնանք սպասելով համբերութեամբ մեր ապսպրելու պահն ալ հասնի: Ճիշտ մեր առջեւ սուրճերու ցուցակը պատէն կախուած է: Անանկ անհասկնալի անուններ մը. էսբրէսօ, ֆրաբէ, ֆրաբուչինօ, քափուչինօ, ֆրէտուչինօ ու հինգ վեց չինօ դեռ, որոնք նոյնիսկ արտասանելու անկարող էի:

Սթարպաքսին քով սուվլաքիանոց մը կայ, «Սավաս» անունով եւ անոր քով ուրիշ սրճարան մը: Նոյն ուղղութեան վրայ զանազան ուրիշ խանութներ, մինչեւ հրապարակին երկրորդ անկիւնը, որ աղջիկներուն դպրոցն է:

Սթարպաքսին քով սուվլաքիանոց մը կայ, «Սավաս» անունով եւ անոր քով ուրիշ սրճարան մը: Նոյն ուղղութեան վրայ զանազան ուրիշ խանութներ, մինչեւ հրապարակին երկրորդ անկիւնը, որ աղջիկներուն դպրոցն է: Դէպի հոն քալելով, մեր ձախ կողմէն, հրապարակի կեդրոնին կը մօտենանք: Աւազան մը պզտիկ, եւ իր մէջէն հսկայ ուղղանկիւն զուգահեռագիծ արձան մը կը բարձրանայ. եօթը ութը մեթրոնոց: Սակայն նոյնքան անշուք որքան նախորդը. հետաքրքրութիւնս չէր գրաւած: Ու աւազանին առջեւ լայն տարածութիւն մը բացօթեայ, առանց ծառերու ու խանութներու: Հոն է որ յաճախ երեխաներ կը խաղան գնդակներով կամ շուներ կը վազվզեն իրենց տէրերուն կապերէն արձակուած: Բայց հիմա ո՛չ շուներ կան, ո՛չ ալ երեխաներ: Տարածքը երիտասարդները գրաւած են. քանի մը հատը պարզ անցորդներ են, ուրիշներ սուրճերը ձեռքերնին կեցած խօսողներ կամ նստարաններու վրայ հանգչողներ, բերաններուն մէջ ծխախոտեր: Շատեր կան որ ծխելը ճիշտ մեր տարիքին սկսան. լիսէ մտնալէն առաջ կամ մտնալու տարուան ընթացքին: Սակայն մենք մինչեւ հիմա, որեւէ հետաքրքրութեան նշոյլ ցոյց չէինք տուած: Տարօրինակօրէն մեզմէ ո՛չ մէկ ունեցած էր այդ փափաքը։ Շատ հաւանական է որ մէկս միւսիս վրայ մեծ ազդեցութիւն ունենալուն պատճառով է, որ անգիտակցաբար չհետաքրքրուեցանք: Ո՞վ գիտէ, եթէ մեզմէ գոնէ մէկը սկսած ըլլար, կը կարենա՞ր արդեօք միւսներուն ալ հետը քաշել: Յաջորդ տարիներուն կը գիտնանք։

Վահանը աղջկայ մը մօտեցաւ կամաց կամաց. ձեռքը դրաւ կոնքին, շուրջէն ակնարկներ հաւաքելով վրան. քիչ մը անշարժ կեցաւ, գլուխը ցածցուց ու համբուրեց: Աղջիկն ալ բնաւ չընդդիմացաւ. կարծես տարիներով ծանօթ ըլլային. ընկերներ անբաժան: Ետ քաշուելու ժամանակ, անդրադարձայ որ իրաւ տարիներու ընկերներ են. ոչ միայն իրենք, այլ նաեւ մենք:

Նայրին է:

Վահանէն վերջ ես ալ պէտք էր բարեւէի:

– Ինչպէ՞ս ես, հարցուց դէմքը մօտեցնելով դէմքիս:

– Լաւ եմ, դու՞ն: Պատասխանեցի երկրորդ պաչիկ մը տալով, հակառակ կողմէն այս անգամ: Ժպտուն ակնարկ մը փոխանակեցինք եւ ուղղուեցաւ դէպի Յարութը:

– Վլաքաքօօ, ըսաւ, ծաղրական իր դէմքը ի յայտ բերելով:

– Խազո՞ւլա։ Ուրախութեամբ ձեռքերը լայն բանալով փաթթուեցան: