Կ՚ուզենք

կ՚ուզենք զգալ, ապրիլ վիշտը, բաներ մ՚ըսել մեռնողին որ մեծագոյն տուգանքն էր որ կը վճարէ ո՞ր անձին ի՞նչ յանցանք էր որ գործած էր աշխարհ գալով չենք գիտեր, ոչ ալ ինչպէ՞ս խօսինք նայինք սգակիրին երեսին որու ետքին ցաւի վիշտի ալիքները կը շառաչեն ու կ՚ընկղմեն մեր անիմաստ մրմունջին հէգ մակոյկը։