«Ուխտը»

…ու երկու պառաւները կ՚երազեն…
-Վաղը արեւը պիպի ծագի…
Իրենց ուխտը կատարուած էր այս անգամ. քիչ ետքը ամենքն ալ սենեակս էին ու շրջապատած անկողինս։
Ծերուկ բժիշկը տատամսելով, կէս ժպտուն, կէս կասկածոտ կ՚ըսեր.
-Եթէ արեւ ծագի, համաճարակը կը տկարանայ. թերեւս բոլորովին անհետանայ։