Ուրեմն

Ուրեմն ինչո՞ւ գիշեր, աղուոր ես այսքան,
Եւ ծաղիկ, ծառ, ալիք, լուսին կը խնդան,
Երբ կանթեղի մը պլպլուն լոյսին տակ՝
Աղուոր աչքեր արցո՜ւնքի մէջ կը լողան։